• am
  • ru
  • en
Версия для печати
11.03.2013

ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԵՐՐՈՐԴ ՏԱՐՈՒԱՆ ՍԵՄԻՆ

   

Հրաչ Քալսահակեան

Մարտ 2011ին, երբ սուրիական յեղափոխութեան առաջին ցոյցերը տեղի ունեցան, հայ գաղութը չկրցաւ անդրադառնալ, թէ կը գտնուէր նոր հանգրուանի մը սկիզբը եւ թէ տարի մը ետք պիտի յայտնուէր աննախադէպ զարգացումներու կիզակէտին վրայ:

Այդ ժամանակ իսկապէս դժուար էր նման գուշակութիւններ կատարել, գաղութի մը համար, որ քառասուն տարիներ ինքզինք զերծ համարած էր քաղաքական վերիվայրումներէ, շնորհիւ Ասատ հօր եւ զաւակի ղեկավարութեան, որոնց հասցէին հայութեան արտայայտած երախտապարտութեան խօսքերը սկսած էին գերազանցել արաբ ժողովուրդի նկատմամբ արձանագրուած խօսքերը:

Գոյացած էր այնպիսի մտածում, թէ տիրող իշխանութիւնը չափազանց բարեացակամ էր հայութեան նկատմամբ: Թոյլատրուած էր ազգային – եկեղեցական կեանք վարել համայնքային շրջագիծէն ներս, շաբաթական քանի մը ժամ հայերէն դասաւանդել յարանուանական կարգավիճակ կրող դպրոցներու մէջ, ամառնային բանակումներ իրականացել հայաբնակ աւաններու մէջ, զանազան առիթներով հրապարակային միջոցառումներ կազմակերպել, արուեստի խումբեր ստեղծել, հիւր խումբեր ընդունիլ, եւայլն: Այլ փոքրամասնութիւններ, ինչպէս քիւրտեր, չէրքեզներ, թուրքմեններ եւ երկրի բնիկ սուրիանիներ կամ ասորիներ, այդպիսի իրաւունքներ չէին վայելեր: Հալէպի նման իսլամական բազմամիլիոն քաղաքի մը մէջ, վերոյիշեալ տարրական իրաւունքները մեծ ձեռքբերում կը համարուէին, մանաւանդ Ալ Պաաս կուսակցութեան օրերուն, երբ արաբական ազգայնական շարժումը եւ պետականացման հոսանքը գագաթնակէտին հասած էին:

Այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ, հայախօսութիւնը դարձած էր մեծագոյն դրամագլուխ, որուն համար հպարտ էին բոլորը, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք, որուն համար նաեւ ստեղծուած էր «մայր գաղութ» եզրը: Մէկը չէր ուզեր հայախօսութիւնը վերագրել հայերուն միատեղ եւ ինքնամփոփ ապրելու հանգամանքին՝ մանաւանդ Հալէպի առանձնաթաղերուն մէջ, ուրկէ դուրս հայերէնի գործածութիւնը հասած էր նուազագոյն մակարդակի: Սուրիահայութիւնը կը ներկայացուէր որպէս հայախօս համայնք, մինչդեռ անոր մէկ երրորդը արդէն հայերէն չէր ճանչնար, իսկ մնացեալին մայրենիի իմացութիւնը այդքան փայլուն պատկեր չէր պարզեր: Առաւել, հայերէն լեզուն պետական որեւէ քննութիւններու մէջ ընդունուած չէր, իսկ ակադեմական մակարդակով հայագիտութեան ծրագրեր առհասարակ չկային: Տակաւին չենք խօսիր այն մասին, որ հայերէնով մամուլ կամ լրատուամիջոց չկար, բացի Հալէպի Առաջնորդարանի անուան տակ հրատարակուող շաբաթաթերթէ մը, որ կրօնական տեղեկագրի կերպարանքով լոյս կը տեսնէր, ուր արդէն հայեր այնքան ինքնազսպուածութիւն կը դրսեւորէին, որ յարանուանութիւններու գծով պետական հսկիչ պաշտօնեան ձանձրոյթով պիտի կարդար հոն գրուածները, եթէ յանկարծ օր մը փափաքէր արաբերէնի թարգմանուած լրիւ տարբերակը ունենալ իր սեղանին վրայ:

Եթէ հայակերտումը (այս բառը մեծ արժէք կը ներկայացնէր այդ օրերուն եւ մասնաւոր խորհրդաւորութեամբ կ'արտասանուէր) դարձած էր այդ օրերու վերնագիրը եւ կը դրսեւորուէր շէնքերու եւ հիմնարկութիւններու կառուցումով ու հայապահպանումի նուիրուած շքեղ ու տեսակաւոր միջոցառումներու գործադրութեամբ, «մարդակերտում»ը, միւս կողմէ, իր վատագոյն վիճակին մէջ էր: Երկրի վիճակը չէր նպաստեր այդ առումով: Մարդ արարածը կը մեծնար հեռու բարոյական չափանիշներէ՝ որդեգրելով իր շահերը հետապնդելու պատեհապաշտ ընթացք: Ան գիտէր, որ դրամի ուժով կարելի էր իրականացնել գրեթէ ամէն ինչ, որքան ատեն որ իշխանութեան դէմ չէին իր արարքները: Կաշառակերութիւնը համատարած էր: Իշխանապետական բուրգը որոշակի մեքենայականութեամբ կը գործէր եւ մարդիկ յարմարուած էին սոյն կառոյցին: Մէկ խօսքով, հայակերտում կար, բայց ո՛չ մարդակերտում:

Պատահական չէ, որ արաբական շրջանակին կողմէ ճանչցուած եւ տասնամեակներ շարունակ մեր ազգային վարկին կորիզը հանդիսացող արդարամտութեան, վեհանձնութեան եւ ազատութեան գաղափարները այնքան նուաղած եւ այլափոխուած էին, սուրիական յեղափոխութեան նախօրեակին, որ մենք չկարողացանք համաժողովրդային այդ շարժումին ետին, արտաքին դաւադրութենէն բացի, այլ բան նշմարել: Փաստը կը մնայ, որ մինչեւ օրս, տասնեակ հազարաւոր սուրիացի զոհերուն համար պաշտօնական դատապարտութեան ո՛չ մէկ անկողմնակալ եւ կարեկցական խօսք արտայայտած ենք՝ սուրիահայութեան կամ առհասարակ հայութեան որեւէ շերտի կամ ներկայացչական մարմնի անունով: Ընդհակառակը, սուրիական առցանց շրջանակներուն մէջ վերջին երկու տարիներուն, հայու անուններով կը վխտան յեղափոխութեան դէմ գրուած այնպիսի ուշագրաւ գրառումներ, այնպիսի գոռոզութեամբ, ինքնահաւանութեամբ եւ սպառնական ոճով, որ շատ անգամ մեզ ամօթով կը ձգեն:

Հայաստանի անկախութենէն (1991) մինչեւ սուրիական յեղափոխութիւն (2011) երկարաձգուող քսան տարիներու ընթացքին, սուրիահայերը, որպէս Ցեղասպանութեան վերապրողներու երրորդ կամ չորրորդ սերունդի ներկայացուցիչներ, աւելիով ներգրաւուած էին սուրիական հասարակական եւ տնտեսական կեանքին մէջ: Սուրիան սկսած էր ձեւաւորուիլ որպէս վերջնական հայրենիք եւ ո՛չ միայն որպէս ծննդավայր: Հայաստանի անկախութեան նկատմամբ կրաւորական կեցուածք որդեգրած սուրիահայերը, սկսած էին աւելի գրկաբաց ընդունիլ սուրիական հայրենիքի գաղափարը եւ շօշափել հոն լիիրաւ քաղաքացի մը դառնալու հեռանկարը: Այսպիսի հոգեբանական վիճակի մէջ գտնուող սուրիահայերուն համար բոլորովին անսպասելի էր Մարտ 2011ին տեղի ունեցածը: Այնքան շշմած էին պատահածներէն, որ յեղափոխութենէն 14 ամիս ետք անգամ (երբ ընդիմադիրները հասած էին Հալէպի մերձակայքը) չէին կրցած ըմբռնել թէ հարցը ծանրակշիռ էր եւ պիտի վերջնականապէս փոխէր իրենց ապրելակերպը եւ սկիզբ դնէր յարաբերութիւններու նոր իրավիճակի մը:

Կասկածէ վեր է, որ հայեր (որպէս համայնք, պետականութիւն եւ սփիւռք) աւելի սթափ պէտք էր ըլլային սուրիական տագնապը ընկալելու, վերլուծելու եւ որոշումներ ընդունելու գծով: Ամէն ինչ հակազդեցութեան սահմաններուն մէջ պէտք չէր մնար: Տեղի ունեցածին տարողութիւնը մեծ էր, այո՛, բայց ներելի չէր տագնապը մէկ տարի անտեսել, երբ արդէն այդ համակած էր Սուրիոյ շատ մը այլ մասեր, նախքան Հալէպ հասնիլը:

Շատ քննադատութիւն եղաւ նպաստի բաշխումի գործընթացին մասին: Յայտնի չեղաւ թէ տեղի ունեցած քննադատութիւններէն օգտուեցա՞ն պատասխանատուները եւ ի՞նչ գործնական փորձառութիւն ձեռք ձգուեցաւ: Նկատի առած, որ սուրիահայութեան ներկայ դրութիւնը կրնայ շարունակուիլ, կարեւոր է որ նման փորձառութեան ձեռքբերում համատարած ճանաչում գտնէ եւ մարդիկ օգտուին միմեանց փորձառութենէն: Անհրաժեշտ է մանաւանդ, հետեւողական ձեւով ժողովուրդին ներկայացնել հանգանակութիւններու եւ նիւթական նպաստներու թափանցիկութիւնը: Համահայկական առումով, պէտք է յստակ դառնայ, թէ Սուրիոյ դէպքերը կրնան երկարաձգուիլ, հետեւաբար հնարաւոր է որ մեծ գումարներու կարիքը զգացուի:

Ի հարկէ, հայերուն համար հոգեկան մեծ ցաւ է տեսնել Հալէպի երբեմնի գաղութը այսպիսի վիճակի մէջ, անդամալոյծ, անկարող, վիրաւորուած հպարտութեամբ, մռայլ ներկայով եւ անորոշ ապագայով: Թշուառութիւնը բոյն դրած է հայ գաղութին մէջ, ուր մարդիկ, զրկուած ելեկտրական հոսանքէ եւ այլ տարրական միջոցներէ, շատ անգամ կարողութիւն չունին տաք ճաշ մը գտնելու:

Պէտք է սակայն ընդգծել, թէ մինչեւ հիմա որեւէ հայ զոհ չէ գացած Սուրիոյ մէջ իր ազգային կամ կրօնական պատկանելիութեան պատճառով: Հայութեան կրած վնասները Սուրիոյ շատ մը այլ քաղաքացիներու կրած ահաւոր վնասներուն հետ կարելի չէ համեմատել:

Մտավախութիւն կայ սակայն, որ չափաւորական ընդիմադիրներու տկարացումով ծայրայեղականներուն նժարը աւելի բարձրանայ ու մենք, իսլամ կրօնական այլամերժ ուժերու դէմ յանդիման գտնուինք: Բարեբախտաբար, սակայն չափաւորականները տակաւին իրենց հակակշռին տակ կը պահեն ընդիմութեան բանալիները:

Հալէպի քրիստոնեաբնակ թաղերու համեմատական հանդարտութիւնը (հանդարտութիւն բառը հոս ունի լրիւ համեմատական իմաստ) կը վկայէ թէ ընդիմադիրներուն համար, գոնէ այս հանգրուանին, առաջնային չէ քրիստոնեայ թաղերուն գրաւումը: Ուշադրութիւնը դարձած է այլ ուղղութեամբ, բայց այդ չի փրկեր հայութիւնը յետագայ վտանգէ մը կամ անհամեմատ ծաւալուող զարգացումէ մը:

Սուրիահայերը կը թեւակոխեն յեղափոխութեան երրորդ տարին խառն զգացումներով: Գաղութը արդէն կորսնցուցած է իր համրանքին մէկ կարեւոր մասը, կրած է միլիոնաւոր տոլարներու հասնող վնասներ, հարիւրաւոր գործատեղիներ հրոյ ճարակ եւ թալանի առարկայ դարձած են, քառասունէ աւելի հայեր սպաննուած եւ աւելի մեծ թիւով վիրաւորներ արձանագրուած են: Կան տակաւին առեւանգուած անհատներ, որոնց մասին տեղեկութիւններ կը պակսին: Այլ առեւանգուողներ փրկագինով ազատուած են:

Սուրիոյ մէջ գործող երկու հիմնական հակադիր կողմերը աւելի ամրացած կը մնան իրենց դիրքորոշումներուն վրայ: Ոչ միայն նախապայմաններ կը դնեն բանակցութիւններ վարելու համար, այլ էութեամբ զիրար որպէս բանակցող լիիրաւ կողմեր չեն ճանչնար:

Փաստօրէն, ազգաբնակչական տեղափոխումներու եւ աշխարհա-քաղաքական բաժանումի եզրին կանգնած է Սուրիան: Իւրաքանչիւր տարածաշրջան սկսած է յատկանշուիլ որոշ ազգաբնակչութեան կամ կրօնական հաւաքականութեան տիրական ներկայութեամբ կամ կնիքով: Այս առումով չենք կրնար անտեսել այն փաստը, թէ Հալէպ սուննի իսլամ ջախջախիչ մեծամասնութիւն ունեցող քաղաք է, ուր շիա իսլամներուն թիւը (ալեւի կամ այլ) շատ աննշան է: Այս փաստէն կարելի չէ երբեք խուսափիլ: Այլ փաստը այն է, որ Հալէպ կը գտնուի Թուրքիոյ մերձաւորութեամբ եւ չունի ծովային ելք: Հայերու ստացուածքներուն կարեւոր մէկ մասը այժմ կը գտնուի ընդիմադիրներու հսկողութեան տակ եղող շրջաններուն մէջ:

Պարագաներ կան, որոնք իրենք զիրենք կը պարտադրեն եւ մենք չենք կրնար անխոհեմ գտնուիլ այդպիսի իրավիճակներու դիմաց: Պէտք է կերպ գտնենք տէր կանգնելու մեր ժողովուրդին եւ ստացուածքներուն: Պէտք է դասեր քաղենք մեզ հետ պատահող որեւէ դէպքէ կամ իրավիճակէ: Եագուպիէ հայաբնակ գիւղին պատահածէն պէտք է օգտուինք որպէսզի ապագային նման վիճակ չպատահի, օրինակի համար, Քեսապի մէջ կամ այլուր: Ինչո՞ւ պիտի Եագուպիէի լատին բաղադրամասը ստիպուած չզգայ լքելու իր բնակավայրը, մինչդեռ հայեր հարկադրուած ըլլան այդ քայլին դիմելու՝ պետական ուժերու նահանջէն ետք:

Մամուլը եւ մտաւորականութիւնը մեծ դեր ունին այս մանրամասնութիւնները հանրութեան բացատրելու եւ ընդհանուր առողջ վիճակ ստեղծելու մէջ: Սուրիահայ թղթակիցներէն եւ մտաւորականներէն ոմանք լալկան եւ կողմակալ գրութիւններ թուղթին յանձնելու փոխարէն ինչո՞ւ հետամուտ չեն ըլլար հասկնալու պատահածը, որպէսզի կոյր վերարտադրութիւն չկատարեն այս կամ այն քարոզչական մեքենայէն՝ երբեմն նոյնիսկ մերկպարանոց սուտեր որդեգրելով: Ինչո՞ւ կարգ մը գրիչներ չեն դադրիր հալածելէ իրենց կարծիքէն տարբեր եղողները եւ անկաշկանդ էջեր կը գտնեն իրենց տրամադրութեան տակ այդ նպատակին համար: Եթէ Հալէպ մնալը որպէս կարեւոր սկզբունք ընդունուեցաւ մեր մամուլին կողմէ, ինչո՞ւ Հալէպ մնացող բնակչութեան ապահովութիւնը եւ անոր ապագան երաշխաւորող քայլերու մասին հետեւողական գրառումներ տեղի չեն ունենար: Այո՛, մենք գիտենք, որ մեր իրականութեան մէջ չկայ ազատ մամուլ, բայց երբ հարցը մահ ու կենաց հարց է եւ հայութեան մէկ հատուածի գոյատեւութեան կը վերաբերի, շրջանցում պէտք է կատարել եւ թոյլատրել, որ մարդիկ արտայայտուին եւ փորձեն հասկնալ թէ ո՞ւր կը գտնուի սուրիահայութիւնը եւ ինչպիսի՞ նորանոր լծակներ կարելի է օգտագործել:

Այնպիսի լրատուական իրավիճակ մը ստեղծուած է, որ մեզի համար շատ սիրելի բառեր, ինչպիսին են ազատութիւն եւ ժողովրդավարութիւն, կը ներկայացուին որպէս քաոս եւ անիշխանութիւն բնորոշող հոմանիշներ: Կարծես աշխատանք կայ այդ բառերը հեղինակազրկելու: Դատապարտելի է մեծ տարածում գտած այն միտքը, ըստ որուն արաբները արժանի չեն ազատութիւն ձեռքբերելու եւ թէ գաւազանի ուժով միայն կը ղեկավարուին: Հայաստանի անկախութեան միտքերով թրծուած սուրիահայութիւնը, որ կը հպարտանար եռագոյնը ամենէն թէժ օրերուն պահպանելով, կը դժուարանայ այսօր տեսնել սուրիացի ժողովուրդին ձգտումները:

Անշուշտ, աւելի լաւ պիտի ըլլար եթէ Ասատը իր գահէն կանուխ հրաժարէր եւ երկիրը ունենար իշխանափոխութեան խաղաղ գործընթաց: Ասոր երաշխիքը կրնար հանդիսանալ նոյնինքն Ասատը, որ երկու տարի առաջ մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր երկրի լայն խաւերուն մօտ:

Եթէ երկիրը զերծ մնար քաղաքացիական պատերազմէն, մեր գործը դժուար պիտի չըլլար: Ամէն հայ պիտի գիտնար մտածել ու իրեն յարմար լուծում գտնել: Անոնք որ անցեալին արեւմտեան կամ այլ երկիրներ գաղթեցին, իրենց համար յարմարագոյն որոշում առնողի հոգեբանութեամբ մեկնեցան, իսկ չմեկնողները իրենց համար յարմարագոյն որոշում առնողի հոգեբանութեամբ շարունակեցին ապրիլ Սուրիոյ մէջ: Հիմա սակայն, քաղաքացիական պատերազմի (ու թերեւս իսլամական միջ-կրօնական հակամարտութեան ու գերհզօր պետութիւններու հաշիւներու) թոհուբոհին մէջ բռնուած, այլեւս դժուար պիտի ըլլայ երեւակայել, թէ սուրիահայերը հնարաւորութիւն պիտի ունենան, հեզասահ կերպով մտածելու, իրենց ապագայ քայլերուն մասին:

Եւ սակայն քանի որ ունինք Հալէպի (եւ Սուրիոյ) մէջ մնացող հաւաքականութիւն մը, պարտաւոր ենք բոլոր միջոցներով, նիւթական եւ բարոյական գետնի վրայ, զօրավիգ կանգնիլ անոր: Ժամանակը կը պարտադրէ, որ վերջին ծայր հաշուենկատ ըլլանք գետնի վրայ զարգացող իրավիճակին նկատմամբ եւ անհատական ու հաւաքական ամէն միջոց օգտագործենք, սուրիահայութեան ֆիզիքական ապահովութեան համար:

Կայ սակայն կարեւոր կէտ մը, որուն քննարկումէն կամ հրապարակային ակնարկութենէն յաճախ փորձած ենք խուսափիլ:

Ընդիմադիրներուն հետ կապը մեր ամենէն խնդրահարոյց եւ կնճռոտ հարցն է: Նախ որովհետեւ, որպէս հակում կամ արեւելում, հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ընդիմութեան մէջ մասնաւոր արժանիք չի տեսներ: Տարածուած է պետական քարոզչութեան այն միտքը, որ ընդիմադիրները օտար ուժերէ բաղկացած, հազարներով եկած ու ներխուժած են Սուրիա, ուր իսլամական ծայրայեղ վարչակարգ պարտադրելու միջազգային դաւադրական ծրագիր կը հետապնդեն: Երկրորդ, պետութիւնը անշուշտ չի վարանիր իր բիրտ ուժը գործածելու, բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը հաղորդակցին թշնամի համրուող կողմին հետ: Պետական շրջանակը հայերը իր բնական դաշնակիցը կը համարէ: Այդ շրջագիծէն ներս, մօտաւորապէս երկու հարիւր հայ երիտասարդներ ներգրաւուած են «ժողովրդային յանձնախումբեր» անունով ճանչցուած կառոյցին մէջ, որոնց վստահուած է Հալէպի հայկական թաղերու հսկողութեան գործը՝ պետութեան օգտին: Հայկական աւանդական կուսակցական կառոյցները կը շարունակեն պահպանել իրենց անջատ դիմագիծը:

Կարգ մը հայ անհատներ ստիպուած գործակցած են ընդիմադիր շրջանակներու հետ, իրենց ստացուածքները (գործարաններ, ապրանքներ եւայլն) փրկելու սիրոյն, ինչ որ նիւթական սովորական կարգադրութիւններու սահմաններուն մէջ կ'իյնայ: Պաշտօնական առումով, սակայն, չկան հաղորդակցութեան ուղղակի խողովակներ սուրիահայերուն եւ ընդիմադիրներուն միջեւ:

Այժմ պատերազմական գործողութիւնները հեռու կը թուին ըլլալ Հալէպի հայկական շրջապատէն: Հաւանաբար այն միտքը կը տիրէ ընդիմադիրներուն մօտ, թէ այլ կարեւոր շրջաններու գրաւումէն ետք հայկական կամ քրիստոնէական թաղամասները ինքնաբերաբար անձնատուր պիտի ըլլան, պաշարման օղակի մէջ յայտնուելէ ետք: Փաստօրէն Հալէպէն դէպի արեւելք երկարաձգուող հազարաւոր քառակուսի քիլոմեթրերու տարածքը (մինչեւ ընդհուպ Իրաքի սահմանները) այժմ կը գտնուի ընդիմադիրներուն ձեռքը, իսկ Հալէպի հայաբնակ Նոր Գիւղ (Միտան) թաղամասը կարելի է համարել սահմանագլուխ:

Որքան որ մենք համամիտ ենք Սուրիոյ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն որդեգրած ուղղութեան, նոյնքան պարտաւորութիւններ ունինք այդ ուղղութիւնը իմաստաւոր հունի մէջ տեսնելու: Երբ պատերազմական իրավիճակը պարտադրէ, որ հաղորդակցութեան խողովակներ ունենանք ընդիմադիրներուն հետ, պէտք է անվարան դիմենք այդ քայլին: Նոյնը կարելի է ըսել, երբ քաղաքական իրավիճակի բերումով, մեր ներկայութիւնը անհրաժեշտ դառնայ ընդիմադիրներու պաշտօնական շարքերուն մէջ:

Այդ մեր պարտականութիւնն է եւ իրաւունքը, այնպէս ինչպէս Սուրիոյ բաղադրամասը կազմող բոլոր հատուածները կը կատարեն եւ որուն համար ներսի հայերը բնականաբար համամտութիւն չեն կրնար յայտնել, որքան ատեն որ իշխանական ուժերու հակակշռին տակ գտնուին: Որպէս դիւանագիտական անհրաժեշտութիւն, այդ քայլը արտասահմանի հայերուն ուսերուն վրայ ձգուած է եւ որուն համար ո՛չ մէկը կրնայ մեզ այպանել, որովհետեւ դէպքերու սկիզբէն երկու տարի ետք, մենք ալ պարտաւոր ենք, ամեն տեսակի լծակներ օգտագործել եւ բոլոր կողմերուն հետ համահաւասար կապեր հաստատել՝ մեր շահերուն համար: Այդ մեր կողմէ յայտարարուած տկար «չէզոքութեան» զօրաւոր դրսեւորումը կարելի է նկատել, մանաւանդ եթէ ազգովին ընդունինք անոր անհրաժեշտութիւնը եւ հասկնանք տարողութիւնը:

Յեղափոխութեան երրորդ տարեդարձի սեմին, մենք, թէկուզ ուշացումով, պէտք է մեր վրայէն թօթափենք ենթակայի եւ անզօրի ցուպը եւ վերջնականապէս դադրինք Հալէպը դիտելէ միմիայն երազային ակնոցներով:


դեպի ետ