• am
  • ru
  • en
Версия для печати
27.02.2013

ՅՈՒՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԻՐԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐԸ

   

Յակոբ Ճէլալեան

Մեծ Եղեռնի ու Ատանայի ջարդերէն, ի'նչպէս նաեւ Զմիւռնիոյ պարպումէն յետոյ, պարտուած յունական տեղաբնակներու հետ մէկտեղ (քանի Իզմիրի հայութիւնը դիրք ճշտած էր Հելլէններու կողքին) Յունաստան ապաստանեցան շուրջ 120 հազար հայեր - մեծամասնութեամբ կիներ ու պատանիներ - որոնց մէկ մասը այլ երկիրներ անցնելէ յետոյ, տեղծուեցաւ 60-80 հազարնոց հսկայ գաղթակայան մը: Թէեւ հայերը ակամայ հասած էին - այն ալ մասնահատուած - մինչ Յունաստան, որեւէ պետական նպաստ չստացան են միայն ինքնաշխատութեամբ կրցան որպէս անհատ կամ հաւաքականութիւն դիրքերու հասնիլ:

Աթէնք, Գոքինիա, Վոլոս, Քալամաթա, Թեսաղոլնիկէ ու կղզիներ, ուր հայ գաղթականները կերտեցին «ազգային կեանք» հիմնադրելով դպրոց ու եկեղեցի, մամուլ ու կուսակցութիւն, ակումբ ու մշակոյթի օճախներ: Առաքելական, Կաթողիկէ ու Աւետարանական յարանունութեանց զուգահեռ կը գործէին Հնչակեան, Դաշնակցական ու Ռամկավար դասական քաղաքական գաղափարախոսութիւնները:Կային նաեւ Հայ Համայնավարներ , որոնք սակայն չէին կազմեր առանձին միաւոր: Գաղութիս աշխոյժ պատկերը կ՝արտացոլայ մինչ օրս լոյս տեսած աւելի քան 120 անուն թերթերու, տասնեակ եկեղեցիներու եւ վարժարաններու թիւին մէջ:

Գաղութը , Բ Աշխարհամարտի օրերուն մեծ տառապանքներու ենթարկուեցաւ եւ պատերազմի ու սովի ուրուականները, անգամ եղբայրասպան դէպքեր խանգարեցին համայնքային բնական հունը:Իսկ երկրի ազատագրութենէն անմիջապէս ետք, Յունահայութիւնը գործունեայ կերպով մասնակցեցաւ ներգաղթին: Հ.Բ.Ը.Մ. տրամադրեց շուրջ մէկուկէս միլիոն ի նպաստ ներգաղթի գործին, իսկ հայրենադարձներէն շատեր իրենց անջնջելի կնիքը դրին հայրենիքի գրական, մշակութային մարզական վերելքին յանձինս Հ. Բարթիկեանի, Ս. Գրքաշարեանի, Յ. Դելլալեանի եւ այլոց: Արդէն գաղութը հին հետքերու վրայ էր երբ պատահեցաւ անխուսափելին:

Երկու ճակատներու՝ ԱՄՆ-ի ու ԽՍՀՄ-ի հակամարտութեան զոհ երթալով՝ Յունահայ գաղութն ալ պառակտուեցաւ...պատմականօրէն Էջմիածնական գաղութ մը ենթարկուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ - այժմու Անթիլիասի - հովանաւորութեան հանդերձ բոլոր եկեհղեցիներուն: Էջմիածնի հաւատարիմ թեմը սահմանափակուեցաւ մէկ մատռանման հեկեղեցիով Աթէնքի Փերիսթեհրի արուարձանին մէջ: Սակայն, ժամանակի ընթացքին երկու համայնքները գլխաւորող ՌԱԿ է ՀՅԴ կուսակցութիւնները որոշեցին համագործակցիլ գէթ տարին անգամ մը՝ Ցեղասպանութեան ձեռնարկներու կազմակերպման համար:Գաղութը որ Բ Աշխարհամարտէն յետոյ ներգաղթի եւ այլ երկիրներ արտագաղթի բերումով կը հաշուէր 10-12 հազար հայութիւն, Միջին Արեւելքի խլրտումներէն յետոյ ընդունեցաւ փախստական եղբայրներ Իրաքէն, Իրանէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն եւն, որոնց փոքր մասը միայն հաստատուեցաւ Յունաստան:Իսկ մեծագոյն հոսքը տեղի ունհեցաւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ: Այսօր Հայաստանի շուրջ 35 հազար քաղաքացիներ ցրուած են երկրիս տարածքն ի վեր:

Տաս տարիէ ի վեր Յունաստանի դուռը եւս փախած նախ «համաշխարհայնացում»ը, ապա՝ «տնտեսական տագնապ»ը, իրենց բացասական դերն են խաղացեր այէս գողտրիկ գաղութի բնականոն երթին ու հետագայ զարգացման մէջ: Վարժարաններու տրամադրուած պետական նպաստը յանկպարծ ջնջուեցաւ, իսկ կալուածներու վարձքով ապրող կազմակերպութիքւններ մնացին առանց վարձակալի: Նոյնն է նաեւ պատկերը թերթերուն, որ իրենց կարելին կը կրճատեն, նոյնը եւ եկեղեցիներուն: Աւելի յստակ դառնալու համար մէջբերենք ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ-ի դրամահաւաքման պատկերը: Երեք տարի առաջ գանձեց 80 հազար եւրօ, անցեալ տարի՝50 հազար, վերջին անգամ՝ 30 հազար:

Անշուշտ, յուսալի է որ Յունահայութիւն պէտք է բարձր պահէ , իր ուժերը ապավինելով գալիքի «լաւ օրերուն»: Բայց մարդ հարց կու տայ ի՞նչ ձեւով, երբ արդէն պէտք է իր մտքին մէկ ծայրը յատկացնել իր իւղին մէջ տապկուող Սուրիահայ եղբայրներուն:


դեպի ետ