ՄԱՅՐԻ՛Կ, ՄԵՆՔ ՀԱ՞Յ ԵՆՔ
Հարց–Վերապատուելի, խնդրում եմ պատմէք Ձեր մասին, ե՞րբ եւ որտե՞ղ էք ծնուել...
Պատ.–Ծնած եմ 1957թ. Արաբկիր քաղաքին մէջ...
Հարց–Փաստօրէն, Եղեռնից չորս տասնամեակ անց Արաբկիրում դեռ հայե՞ր կային: Ինչպէ՞ս է փրկուել Ձեր ընտանիքը:
Պատ.–Միայն Արաբկիրին մէջ չէ, որ փրկուած հայեր կային: Այն ատենները կառավարութիւնը օրէնք հաներ է, թէ այն հայ ընտանիքները, ուր եզակի մասնագիտութեան վարպետներ կային, այդ ընտանիքները դուրս չհանեն: Դուռերու առջեւները նշաններ դրին, ըսին, որ այս մարդիկը պէտք չէ հանել: Մեր ընտանիքը այդպէս փրկուած է. մեր մէկ կողմը կենդանիներու բժիշկ է եղեր, միւս կողմը` շատ լաւ շինարար...
Մէկ մասն ալ կայ, որ ժողովուրդը սիրելով պահեր է: Ամեն քաղաքի մէջ այսպէս չեղաւ, սակայն քանի մը տեղեր պահուեցան:
Հիները կըսէին, որ Արաբկիրի 100-էն 90-ը հայ են եղեր, բայց ջարդէն վերջ քիչ են մնացեր: Ես 1974թ. դուրս եկայ, 5-6 հայ ընտանիք կային, հիմա` մէկ ընտանիք:
Արաբկիր լիսէ չկար, ես Մալաթիա գացի լիսէ սորվելու: Ես լաւ աշակերտ էի, բայց օր մը ուսուցիչը եկաւ եւ ըսաւ, թէ ինչպէս կըլլայ, որ կեավուրը մուսուլմանէն աւելի նիշ առնէ, սկսաւ զարնել, ես ալ իրեն զարկեցի:
Մալաթիայի լիսէն աւարտեցի, վերջը Իստանբուլ եկայ, Իստանբուլի համալսարանը մտայ, սորվեցի լիսէի «Թուրքիայի պատմութեան ուսուցիչ» դասընթացը:
Կառավարութիւնէն գործ ուզեցի: Ինծի հետ աւարտողները աշխատանք գտան, սակայն ինծի ըսին, թէ տեղ չիկայ, երեւի հայ էի, անոր համար տեղ չիկար: Թերեւս կը մտածէին. ինչպէ՞ս հայը Թուրքիայի պատմութիւն պիտի սորվեցնէ: Ստիպուած ոսկերչութիւն սորվեցայ: 10 տարի ոսկերչութիւն ըրի, 1987թ.-ին սկսեցայ Աստծոյ գործին մէջ մտնել, մեծ փորձութիւնէն յետոյ որոշեցի Աստծուն ծառայել:
Հարց–Ի՞նչ փորձութիւն, կը պատմէ՞ք...
Պատ.–Մենք ընտանիքով թունաւորուեցանք, 2 երեխաներս` 6 եւ 3 տարեկան, կորսնցուցի, ես ու կինս փրկուեցանք: Տունին մէջ ածուխ կը վառէինք, ածուխի գազը ներս տուեր է, միւս օրը կէսօրէն վերջը ամենուս գտան մեր տունին մէջ, երեխաներս մեռած էին, ինծի ու կնոջս հիւանդանոց տարին:
Հիմա երկու երեխա ունիմ` 19 տարեկան աղջիկ եւ 16 տարեկան տղայ:
Այս կեանքը ինծի նուէր է, պէտք է Աստծուն ծառայեմ:
Արաբկիրի մէջ եկեղեցի չիկար, հայկական դպրոց չիկար, մէկը չիկար, որ մեզի սորվեցներ, գիտցներ Յիսուսի մասին: Երբ թուրքերէն կարդացի Աւետարանը, Քրիստոսի զօրութիւնը տեսայ, Քրիստոսի միջոցով յաւիտենական կեանքը գիտցայ: Շատ հայեր կան, որ Քրիստոսի արիւնին զօրութիւնը չեն գիտեր:
Շատ նեղութիւններ քաշեր էի Անատոլիայի մէջ, մեզի կեավուր կըսէին: Հիմա, ըսի, զօրաւոր զէնք կայ:
Ես հայերէն չէի գիտեր, 5 տարի եղաւ, որ այսչափ սորվեցայ: Արաբկիր մէկ բառ հայերէն կը խօսէինք, 2 բառ` թուրքերէն:
Ես Աւետարանը նոր կարդացած էի, մէկ անգամ Մեսրոպ սրբազանին ըսի, որ այս թիւի մէջ այսպէս գրուած է, ըսաւ. «Աւետարանականները այդպէս կը մտածեն, մենք` առաքելականներս, տարբեր կը մտածենք»: Գիտցայ, որ աւետարանականներ կան, գացի աւետարանականները գտայ Կետիկփաշա, տեսայ մարդիկ Սուրբ գիրք կը կարդան. ըսին` եկուր, նստէ, մենք ալ սերտողութիւն կընենք: Այդ օրէն սկսեցայ երթալ Կետիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցի:
Հարց–Երբ ձեռնադրուեցի՞ք:
Պատ.–Ես պատուելի ձեռնադրուեցայ 2002թ.-ին:
Հարց–Վերապատուելի, քանի՞ հոգի է յաճախում Ձեր եկեղեցի:
Պատ.–Երբ ես գացի, 25 հոգի էր, հիմա, փառք Տիրոջը, ամառները 100 հոգի, ձմեռները 150 հոգի կը հաւաքուի: Ամեն ազգերէն կուգան: Մեր եկեղեցիի մէջ 4 լեզուով պաշտամունք կըլլայ, կիրակի օրերը` թուրքերէն, ռուսերէն, հայերէն, պարսկերէն: Ռուսերէն կընենք, որովհետեւ տարբեր ռուսախօս երկիրներէն եկածներ կան: Մոլդովայէն եկածներու մէջ շատ են գագաուզները: Գագաուզները ծագումով թուրք են, բայց քրիստոնեայ են, Իստանբուլ են եկեր աշխատանք ճարելու համար:
Կեսօրէն վերջ ժ. 2-ին հայաստանցի հայերու համար պաշտամունք կընենք` մօտ 30 հոգի են:
Ժ. 5-ին կուգան պարսիկները, որ իսլամ են, եւ կուզեն քրիստոնեայ դառնալ, կը մկրտենք, քրիստոնեայ կը դառնան, ուրիշ երկիրներ կերթան: Սերտողութիւն կընեն: Պարսկաստան անոնք կը վախնան եկեղեցի երթալ:
Հարց–Իսկ Ստամբուլում կամ Թուրքիայի այլ քաղաքներում ուրիշ Աւետարանական եկեղեցիներ կա՞ն:
Պատ.–Իստանբուլի մէջ 20, Անկարա` 5, Իզմիր` 5, Ադանա` 2, Դիարբեքիր, Մերսին, Սամսուն` 1-ական թուրքական Աւետարանական եկեղեցիներ կան: Մէջերնին շատ հրաշքներ կըլլան, հիւանդներ կը բուժուին, երազներ կը տեսնեն: Մէկ հոգի թուրք ռադիո բացեր է, թուրքերէն քարօզ կըլլայ, լսողներու մեծամասնութիւնը իսլամ է:
Հարց–Իսկ Թուրքիայի խորքերից իսլամ հայեր գալի՞ս են Ձեզ մօտ քրիստոնէութիւն ընդունելու:
Պատ.–Գաւառներէն իսլամացած հայեր կուգան Իստանբուլ, մէկ մասը քրիստոնէութիւն կընդունի, ըսելով, որ մեր հայրերը վախէն իսլամ դարձեր են, հիմա ազատ ենք, քրիստոնեայ պիտի դառնանք, միւս մասը կըսէ, որ վախէն չէ, որ իսլամ դարձած են, որովհետեւ իսլամը ճիշտ ընդուներ են: Մէկ մասն ալ Անատոլիա կապրին, իսլամացած են, կըսեն մեր գիւղը հայ է, միւս գիւղն ալ հայ է, մենք իրարու աղջիկ կուտանք, որ դուրսէն մարդ չըմտնէ մեր մէջ, եթէ կռիւ ըլլայ, կըսեն` «կեավուրի չոճուխ»: Մէկ մասը գիտեն, որ հայ են եղեր, բայց կը վախնան բարձրաձայն ըսել, մանաւանդ, եթէ պետական ծառայութեան մէջ են, կը վախնան, որ աշխատանքէն կը հանեն:
Հարց–Վերապատուելի, խնդրում եմ իսլամ հայերի հետ հանդիպումների մի քանի դէպք պատմէք:
Պատ.–Արդուինի գյուղերէն մայրը եւ մօտ քսան տարեկան տղան եկեղեցի եկան, մայրը ըսաւ, որ տղայիս վրայ թուղթ գրեր են, կուզեմ, որ աղօթես: Այսպէս կըլլայ, թուրքերը երբեմն հայկական եկեղեցի կուգան թուղթ ու գիրի, իրենց հիւանդներու վրան աղօթելու համար: Այդ ժամանակ հայաստանցի մի քոյր ներս մտաւ, կարճ խօսեցանք, գնաց, այդ տղան ըսաւ.
–Խո՛ջա, դուն մեր լեզուն ուրկէ՞ գիտես:
–Այս լեզուն քու լեզո՞ւդ է,–հարցուցի ես:
–Այո՛, մեր գիւղի լեզուն է:
–Ուրեմն դո՞ւն ալ հայ ես,–ըսի ես:
–Ո՛չ,–ըսաւ,–հայ չեմ, այս մեր ծերերու լեզուն է:
–Զաւակս,–ըսի,–բոլոր գիւղերու մէջ թուրքերը թուրքերէն կը խօսին, ինչպէ՞ս է, որ ձեր գիւղի մէջ յատուկ լեզու կայ, ան ալ հայերէն:
Այդ ժամանակ տղան մայրիկին դարձաւ, հարցուց.
–Մայրի՛կ, մենք հա՞յ ենք:
Մայրը ըսաւ.
–Տղա՛ս, չիտեմ, բայց ադ մեր լեզուն է:
Թէլէվիզիոնի վրայ հաղորդումներ կըլլան կրօնական նիւթերու շուրջ, երբեմն կը մասնակցիմ: Մէկը եկաւ, ըսաւ, որ քեզի տեսայ թիվիի վրայ, արիւնս քաշեց, իմ նախնիները հայ են եղեր, քրիստոնեայ: Ըսի` պէտք է քրիստոնեայ դառնաս, ըսաւ` ինչպէ՞ս դառնամ, պետական աշխատող եմ: Պատմեց, որ Խարբերդին մօտիկ երկու հայկական գիւղ կայ, բոլորը հայ են, հայերէն չիտեն, աղքատ են, Կ.Պոլիս չեն կըրնար գալ եւ քրիստոնէութիւն ընդունիլ, իսկ հոն կը վախնան կրօնափոխուիլ:
Թուրքիան ինչո՞ւ այդպէս կը վախնայ եւ հայերու դէմ կռիւ կընէ, որովհետեւ գիտէ, որ կորսուած հայեր կան, կը վախնայ, որ այս մարդիկ կարթննան:
Օր մը Ամերիկայէն եկած պատուելի Պերճ Ճամպազեանին Իստանբուլ օդակայան պիտի ճամփայ դնէի, թաքսիի մէջ կը խօսէինք, շարժավարը հարցուց.
–Դուք հա՞յ էք:
Ես ալ ըսի.
–Դուն որտեղէ՞ն գիտցար, որ մեր լեզուն հայերէն է:
Ըսաւ.
–Ես ալ հայերէն կը խօսիմ:
Ըսի.
–Ուրեմն դո՞ւն ալ հայ ես:
Ըսաւ.
–Ո՛չ, ես հայ չեմ, ես համշենցի եմ:
Ասանկ դէպքեր շատ եղած են, իմ ծանօթներս ալ շատ հանդիպած են իսլամ հայերու, մանաւանդ, համշենցի հայերու: Իստանբուլի մէջ համշենցի շատ կայ, մէկ մասը կուզեն իրենց պատմութիւնը գիտնալ, բայց չիտեն ուրկէ կարդալ:
դեպի ետ